2009-06-18 14:45:25

Կրօնաբարոյական հարցեր` ''Աստուծմէ Մեծը Մի՛ Փնտռեր''


Մոլեռանդ հրեաներու եւ Յիսուսի միջեւ տեղի ունեցած հարցուփորձի օրինակ մը արձանագրուած է Աւետարանին մէջ: Կը կատարուէր Երուսաղէմի տաճարին նաւակատիքի տօնակատարութիւնը, որ կը զուգադիպէր ձմրան եղանակին, ընդհանրապէս Դեկտեմբեր 25ին, իսկ Յիսուս տաճարին Սողոմոնի սրահին մէջ կ՛երթեւեկէր, որովհետեւ դուրսը՝ գաւիթին մէջ, ցուրտ կ՛ըլլար: Տաճարին նաւակատիքը հին յիշատակ մըն էր, տօն մը, զոր Յուդա Մակաբայեցին հաստատած էր, երբ Ն.Ք. 167 թուականին Եպիփան Անտիոքացիի կողմէ սրբապղծուած տաճարը ու սեղանը վերստին նուիրագործած էր երեք տարիներ ետք՝ Ն.Ք. 164ին: Այս դէպքին ի յիշատակ, ամէն տարի ձմրան եղանակին, մօտաւորապէս Դեկտեմբեր 25ին, հրեաներ կը կատարէին այդ տօնը յատուկ հանդիսաւորութեամբ, որ կը տեւէր ութ օրեր, ինչպէս իրենց գրեթէ բոլոր միւս տօները: Բարեպաշտ հրեայ ընտանիքներ, ամբողջ ութ օրերու ընթացքին իրենց տան անդամներուն թիւով ճրագ կը վառէին, իւրաքանչիւր օր աւելցնելով մէկ ճրագ: Այդ պատճառով այս տօնը նաեւ Ճրագալոյց կը կոչուէր:Սուրբ Գրոց մասնագէտներուն համաձայն, շուրջ երկու ամիսէ ի վեր Յիսուս Երուսաղէմ չէր մտած, ուստի, յանկարծ երբ զինք դարձեալ կը տեսնեն տաճարին մէջ, Նաւակատիքի տօնին օրը, կը շրջապատեն զինք: Բայց այս շրջապատումը, թշնամական բնոյթ ունէր, եւ ոչ թէ եկած էին զինք լսելու կամ իր քարոզութիւնները ունկնդրելու: Եւ ինչո՞ւ յանկարծ յիշեցին զինք: Ո՛չ թէ անոր համար, որ երկու ամիսէ ի վեր չէին տեսած Երուսաղէմի մէջ, ո՛չ ալ որովհտեւ կ՛ուզէին լսել իր քարոզութիւնները եւ հաւատալ ըսածներուն, այլ որովհետեւ տօնը ի՛նք առիթ կը հանդիսանար մտածելու այս արտասովոր անձին մասին: Մէկը, որ ինքզինք իբրեւ Մեսիա կը ներկայացնէր, եւ տօնը՝ Յուդա Մակաբայեցիի օրինակով փրկիչի մը ակնկալութեամբ կը լեցնէր իրենց սիրտը ամէն տարի: Ինչպէս որ ան ազատած էր անցեալին իրենց հայրերը Եպիփան Անտեոքացիի բռնութենէն, ու տաճարը մաքրագործելով՝ դարձեալ նուիրագործած էր, այնպէս ալ իրենք եւս կ՛ակնկալէին հիմա, որ նոր փրկիչ մը՝ Մեսիա մը յայտնուէր, զօրաւոր թագաւոր մը, որ զիրենք ազատէր հռոմէացիներուն լուծէն: Ուստի, կը մօտենան ու Յիսուսի կ՛ըսեն. «Մինչեւ ե՞րբ պիտի մտատանջես մեզ: Եթէ դուն ես Քրիստոսը, համարձակօրէն ըսէ մեզի»: Եւ Յիսուս անոնց կը պատասխանէ ըսելով. «Ձեզի ըսի, սակայն չհաւատացիք ինծի: Այն գործերը, զորս կը կատարեմ իմ Հօրս անունով, անոնք իսկ կը վկայեն իմ մասին, թէ՝ ո՛վ եմ ես»: Տակաւին, Յիսուս անոնց չհաւատալուն այլ պատճառ մըն ալ կու տայ՝ ըսելով. «Իմ ոչխարներէս չէք դուք: Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն, ու կը հետեւին ինծի, եւ ես կը ճանչնամ զանոնք»: Եւ կը յաւելու ըսելով, որ ինք պատրաստ է յաւիտենական կեանք տալու իր հետեւորդներուն: Ի վերջոյ կ՛եզրափակէ իր խօսքը ըսելով. «Հայրս որ ինծի տուաւ այդ ոչխարները, բոլորէն մեծ է, եւ ոչ ոք կրնայ յափշտակել զանոնք իմ ձեռքէս: Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ, եւ բնաւ պիտի չմեռնին: Ես եւ Հայրս մէկ ենք»: Բոլորս ալ գիտենք, որ Յիսուս վկաներու պէտք չունէր իր երկնատուր առաքելութեան մասին փաստարկումներ կատարելու համար: Որովհետեւ իր գործերը արեւու ճառագայթներուն նման պայծառ էին ու բարացուցիչ: Իր բոլոր հակառակորդները, ինչքան ալ փակէին իրենց աչքերը, սակայն արեւու ճառագայթներուն գոյութիւնը չէին կրնար ուրանալ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս արեւը անիծողներն անգամ չեն կրնար չընդունիլ անոր լուսափայլ ներկայութիւնը այս երկնակամարին վրայ: Յիսուսի կատարած գործը, զոր կը կատարէր Հօր անունով, վկաներու պէտք չունէր: 38 տարիներէ ի վեր իր մահիճին գամուած անդամալոյծը, երբ առողջ ոտքերով կը վազէր, ալ ի՞նչ պէտք կար վկայի՝ հաստատելու համար Քրիստոսի երկնային զօրութիւնը: Կամ կոյրի մը աչքերուն չորցած ջիղերուն վերստին տեսողութիւն հաղորդելովը, երբ տարիներով բոլորի կողմէ ճանչցուած կոյր մը ինքնանկախ կը պտըտէր աջ ու ձախ, ալ ի՞նչ կարիք կար վկայի՝ Յիսուսի երկնային էակ մը ըլլալը հաստատելու համար: Բայց Յիսուսի պատասխանին մէջ կան երեք կէտեր, որոնք իր հիմնական գործին՝ փրկագործական առաքելութեան մէջ մարդուն պարտականութեան եւ Աստուծոյ դերակատարութեան մասին կը լուսաբանեն մեզ՝ պատկերաւոր բառերով. ա) Յիսուս կ՛ըսէ. «Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն, եւ ես կը ճանչնամ զանոնք»: Ուրեմն, փրկագործութեան պարագային, մարդը իբրեւ Աստուծոյ բանաւոր հօտի ոչխար, պէտք է լսէ հովիւին ձայնը: Եւ ի պատասխան մարդուն այս հետեւորդութեան, հովիւը պիտի ճանչնայ զայն: բ) Յիսուս կ՛ըսէ. «Անոնք իմ ետեւէս կու գան եւ ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ»: Ուրեմն, երբ մարդը հետեւի իր Փրկիչին, Ան պատրաստ է յաւիտենական կեանք տալու գ) Յիսուս կ՛ըսէ. «Անոնք յաւիտենապէս պիտի չկորսուին, եւ ոչ ոք կրնայ յափշտակել զանոնք իմ ձեռքէս»: Բնականաբար, երբ Յիսուսի միացած ըլլան, անոնք պիտի չկորսուին յաւիտեան, եւ Յիսուս կը խոստանայ ըսելով, թէ ոչ ոք պիտի կարենայ յափշտակել զանոնք Իր ձեռքէն: Եւ կը յաւելու՝ ըսելով, որ «Հայրս բոլորէն մեծ է», ըսել ուզելով, որ Հայրը աւելի զօրաւոր է քան ոեւէ մէկը, որ կը փորձէ իր ձեռքէն յափշտակել ընտրեալները: Ահաւասիկ երեք կէտեր, որոնք իւրաքանչիւր քրիստոնեայ օրուան մէջ որեւիցէ ժամու կրնայ ինք իրեն հարց տալ. «Կը լսե՞մ Յիսուսի ձայնը, կը հետեւի՞մ Անոր, կը մնա՞մ գործադրողը Անոր ուսուցած պատուիրաններուն»: Ահա՛ այն ատեն է, որ պիտի լսէ այդ հարցումներուն պատասխանները. «Ես կը ճանչնամ քեզ, յաւիտենական կեանք պիտի տամ քեզի, եւ՝ ոչ ոք պիտի կարենայ քեզ յափշտակել իմ ձեռքէս, ինչքա՛ն ալ մեծ ըլլայ ան, որովհետեւ Հայրս բոլորէն մեծ է…»:



 








All the contents on this site are copyrighted ©.